2017-08-30 10:53:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը` Արարչութեան խնամակալութեան համար աղօթքի օրուան առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 30 օգոստոս 2017-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ շնորհած հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ կոչ մը ուղղեց ի տես մէկ սեպտեմբերին նշուելիք  Արարչութեան խնամակալութեան ի սպաս աղօթքի համաշխարհային օրուան ըսելով. "Միւս օր, մէկ սեպտեմբերին, պիտի նշուի Արարչութեան խնամակալութեան ի սպաս աղօթքի համաշխարհային օրը. Այս առթիւ ես եւ իմ սիրելի եղբայրս Բարթողոմէոսը, Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք, միասին պատրաստեցինք Պատգամ մը որուն մէջ կը հրաւիրենք բոլորը յարգալիր ու պատասխանատու վերաբերմունք ցուցաբերելու արարչութեան նկատմամբ։ Կոչ կ՛ուղղենք ապա բոլոր անոնց որոնք ազդեցիկ դեր մը ունին, լսելու երկրին ճիչը ու ճիչը աղքատներուն` որոնք ամէնէն աւելին տառապողներն են  կենսոլորտի  անհաւասարակշռութեան պատճառաւ"։

Յայտնենք թէ Արարչութեան խնամակալութեան ի սպաս աղօթքի համաշխարհային օրը հաստատուած է նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ, 10 օգոստոս 2015-ին, եւ ունի Էքումենիք - համամիութենական- բնոյթ­, տրուած ըլլալով որ այդ օրը կը նշուի օրթոտոքս եկեղեցւոյ հետ միասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.